2015-04-08 10:45:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութիւնը` Մանուկները։


(Ռատիօ Վատիիան) Չորեքշաբթի, 8 ապրիլի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւնը շնորհեց։

Օրուան պատգամը, որ նուիրուած է մանուկներու՝ մաս կը կազմէ ընտանիքի մասին Սրբազան Քահանայապետի մատուցած քրիստոնէականի ուսուցման։

Սրբազան Պապը ըսաւ՝ “Մանուկները գեղեցկագոյն պտուղն են Արարիչի օրհնութեան, որ պարգեւած է այր մարդուն եւ կնոջ։ Արդէն խօսեցանք ասոր մասին՝ որ մանուկները մեծագոյն պարգեւն են։ Այսօր պիտի անդրադառնանք մանուկներու կրած տառապանքներուն։

Շատ մը մանուկներ մերժուած են, լքուած, իրենց մանկութենէն եւ ապագայէն կողոպտուած։ Ոմանք՝ իրենք զիրենք արդարացնելու համար կ’ըսեն՝ թէ արդէն սխալ մըն էր այդ մանուկներուն աշխարհի լոյսը շնորհելը։ Այս ամօթալի արարք մըն է։ Մեր յանցանքները մանուկներուն վրայ չթափենք։ Անոնց կրած անօթութիւնը եւ աղքատութիւնը, անոնց բեկանելիութիւնը եւ լքուածութիւնը, անոնց տգիտութիւնը եւ անկարութիւնը սխալներ չեն։ Ընդհակառակը՝ ասոնք պատճառներ են՝ զանոնք աւելի սիրելու եւ մեծ առատաձեռնութեամբ սիրելու։ Ի՞նչ են մեր մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս կատարուած հանդիսական յայտարարութիւնները՝ մանուկներու իրաւունքներուն շուրջ, եթէ ապա մանուկները պիտի պատժենք չափահասներու սխալներուն համար։

Անոնք, որոնք ունին կառավարելու եւ դաստիարակելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր չափահասներու պարտականութիւնն է՝ ըլլալու պատասխանատու մանուկներուն հանդէպ, եւ կարելին ընելու՝ փոխելու համար այս տխուր պայմանները։ Իւրաքանչիւր մանուկ, որ դուրս լքուած է, որ կ’ապրի փողոցի վրայ մուրալով եւ ամէն տեսակ զրկուածութիւններով, առանց դպրոցի, առանց բժշկական խնամքի՝ աղաղակ մըն է, որ առ Աստուած կը գոռայ եւ կը մեղադրէ այն կառոյցը, որ մենք ստեղծած ենք։ Այս մանուկները զոհ են յանցագործներու, որոնք կը չարաշահեն մանուկները, նուաստացուցիչ առեւտուրի համար, եւ կամ զանոնք ճակատ ուղարկելով պատերազմի եւ բռնութեան մէջ։ Նոյնիսկ հարուստ երկիրներու մէջ մանուկները կ’ապրին ողբերգութիւններ, որուն պատճառն է ընտանիքի ճգնաժամը, դաստիարակներու բացակայութեամբ եւ անմարդկային պայմաններով։ Ամէն պարագայի՝ խոցուած մանկութիւններ են, խոցուած՝ մարմնապէս եւ հոգեպէս։ Բայց այս մանուկներէն ոչ մէկը մոռցուած է երկնաւոր Հօր առջեւ։ Անոնց արցունքներէն ոչ մէկը կորսուած է։ Նոյնպէս մոռցուած չէ մեր ընկերութեան, անհատներու եւ երկիրներու հանդէպ մեր ունեցած պատասխանատուութեան կորուստը։

Յիսուս կը յանդիմանէր իր աշակերտները, որովհետեւ անոնք կը հեռացնէին մանուկները, որոնք կը մօտենային Յիսուսի՝ անոր օրհնութիւնը ընդունելու համար։ Ինչքան գեղեցիկ է այդ ծնողքներու արարքը՝ որ իրենց մանուկները Յիսուսի կը մօտեցնեն։ Այս պէտք է ըլլայ բոլոր մանուկներու վիճակը։”

Սրբազան Քահանայապետը փակեց իր խօսքերը ըսելով՝ թէ Տէրը պիտի դատէ մեր կեանքը՝ լսելով մանուկներու “հրեշտակներուն, որոնք միշտ կը տեսնեն երկնաւոր Հօր դէմքը։” (Մտթ ԺԸ. 10) Մենք մեզի միշտ հարց տանք՝ թէ այս մանուկներու հրեշտակները մեր մասին ի՞նչ կը պատմեն Աստուծոյ …








All the contents on this site are copyrighted ©.